Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջով Թուրքիայի դեմ բացված դատը կշարունակվի
66
Այսօր, 00:48
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջով Թուրքիոյ դէմ բացուած դատը նոյն ընթացքով կը շարունակուի։ Այս մասին կը տեղեկացնեն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն։ Ներկայիս գործը վճռաբեկ ատեանին մէջ է, իսկ յաջորդ քայլը պէտք է ըլլայ սահմանադրական դատարանը, ապա՝ Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական դատարան։ «Այս ուղղութեամբ կարեւոր հանգրուաններուն տեղեակ պահեցինք մեր ժողովուրդի զաւակները, յիշեալ դատը նկատելով մեր ժողովուրդին եւ մեր եկեղեցւոյ դատը, ինչպէս նաեւ առաջին եւ յանդուգն քայլ մը՝ ազգային պահանջատիրութեան իրաւական մարզէն ներս: Արդարեւ, թրքական դատարաններու նախադատ ատեաններէն ետք, ուր յետ քննութեան մերժուած ըլլալով դատը, այժմ ան կը գտնուի վճռաբեկ ատեանին մօտ: Յաջորդ քայլը պիտի ըլլայ սահմանադրական դատարան, որմէ ետք պիտի ուղղուինք դէպի Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական դատարան: Այս ծիրէն ներս, մի քանի օրեր առաջ, Կաթողիկոսարանին մէջ, Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Սիսի դատին իրաւական յանձնախումբի անդամներէն նախարարուհի դոկտ. Նորա Պայրագտարեանի, փրոֆ. Թենի Սիմոնեանի եւ փաստաբան Ճէմ Սօֆուօղլուի մասնակցութեամբ, եւ քննուելէ ետք դատի իրաւական գործընթացքի նախկին հանգրուանները, ընդհանուր գիծերով ճշդուեցան յառաջիկայ քայլերը: Այս մասին նոր զարգացումներու լոյսին տակ բնականաբար տեղեակ պիտի պահենք մեր ժողովուրդի զաւակները»,- ըսուած է կաթողիկոսարանի տարածած հաղորդագրութեան մէջ։ Նշենք, որ 2015 թուականի Ապրիլ 28-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանը հայց ներկայացուցած էր Թուրքիոյ սահմանադրական դատարանին՝ պահանջելով Սիսի մէջ գտնուող իր պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձը։ Որոշուած է, որ հայցին մերժման պարագային Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանը նոյն խնդրով պիտի դիմէ Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական դատարան։ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանը, որ կը գտնուի պատմական Կիլիկեան Թագաւորութեան մայրաքաղաք Սիսի մէջ, թրքական կառավարութեան կողմէ բռնագրաւուած էր Հայոց ցեղասպանութենէն ետք։ 1921 թուականին Օսմանեան կառավարութիւնը միայն երկու օր ժամանակ տուած է Կաթողիկոս Սահակ Բ. Խապայեանին՝ Կաթողիկոսարանէն վերջնականապէս հեռանալու համար։ Սահակ Կաթողիկոսը, իր փոքրաթիւ միաբանութեան հետ, վերցնելով կրօնական եւ մշակութային թանկարժէք գանձերը՝ ձեռագիրներ, հնատիպեր, ծիսական սպասք եւ միւռոնի կաթսան, բռնած է գաղթի ճամբան։ Վեհափառը յաջորդաբար հաստատուած է Երուսաղէմի, Հալէպի, Դամասկոսի եւ Կիպրոսի մէջ, իսկ 1930 թուականին՝ Անթիլիասի մէջ։