Երևան`   -11 °C
Այսօր`   Հինգշաբթի, 08 հունվարի, 2026 թ.

Հալեպում շարունակվում են բախումները

152
Երեքշաբթի, 06 հունվարի, 2026 թ., 22:30
Հալեպում շարունակվում են բախումները

«Գանձասար» պարբերականը հայտնում է. «ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ․
Հալէպի մէջ այսօր միջօրէին ծայր առած բախումները՝ սուրիական ժողովրդավարական ուժերու ներքին ապահովական խումբերուն եւ սուրիական բանակին միջեւ, կը շարունակուին։ Նոր Գիւղ, Շէյխ Թահա, Ճալաա, Աշրաֆիէ, Շէյխ Մագսուտ, Վիլլաներ, Սուլէյմանիէ շրջաններուն մէջ կը լսուին ռմբակոծումի եւ հրաձգութեան ձայներ, փամփուշտներ կ՚իյնան բնակելի շէնքերու արտաքին ճակատներու վրայ։
Հալէպի նահանգապետը կոչ ուղղեց բախումներու յարակից շրջաններու բնակչութեան զգոյշ ըլլալ, բնակարաններէն դուրս չգալ, հաւաստիացնելով որ Հալէպի պատկան կողմերը վերահսկողութեան տակ կ՚առնեն կացութիւնը՝ բնակչութեան ապահովութեան ի խնդիր»։